ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆՔ՝«ԱՐՄԵՆԱԿ՝ ՃԱԿՏԻՆ ՎՐԱՅ ՍՈՒՐԻՆ ՍՊԻՆ»ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ՖԻԼՄԻՆ ԱՐԳԻԼՈՒՄԸԱրմենակը (Օրհան Պաքըր)
ԿԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏԵՆՔ՝«ԱՐՄԵՆԱԿ՝ ՃԱԿՏԻՆ ՎՐԱՅ ՍՈՒՐԻՆ ՍՊԻՆ»ՎԱՒԵՐԱԳՐԱԿԱՆ ՖԻԼՄԻՆ ԱՐԳԻԼՈՒՄԸԱրմենակը (Օրհան Պաքըր) հայ յեղափողական մըն էր։ Իր կենսագրութիւնն ու գործունէութիւնը ներկայացնող «Արմենակ՝ Ճակտին վրայ սուրին սպին» վաւերագրական ֆիլմը ԱՐԳԻԼՈՒԱԾ է։ Արմենակը՝ թուրք, քուրտ, հայ, յոյն եւ բոլոր ժողովուրդներուն եղբայրակցութեան պատմական խորհրդանիշներէն մէկնէ։Նման անձնաւորութեան մը կեցուածքէն ու իր գաղափարներէն միայն ու միայն յետադիմականները խիստօրէն կ՚անհանգստանան։ Այսպէս՝ նախ 26 յունուար 2020-ին Պոլիսի ոստիկանապետը արգիլեց Գարդալ թաղամասին Հասան Եիւճէլ մշակութային կեդրոնին մէջ Արմենակին նուիրուած հանդիսութիւնը եւ յաջորդիւ անմիջապէս Անգարայի կուսակալութիւնը եւս արգիլեց իր կեանքը ներկայացնող ֆիլմի ցուցադրութիւնը, Անգարային Թիւմ Պէլ Կէնէլ Կեդրոնին մէջ։Այս արգելքները զուրկ են որեւէ իրաւական հիմքերէն։ Հայերու դէմ պատմական հետեւողական թշնամութիւնն ու յեղափոխական մտայնութեան ու գաղափարախօսութեան վախը, Թուրք պետութիւնը կը մղէ աւելի խիստ, անհանդուրժող ու անխոհեմ քայլերու։ Ակնյայտ է որ՝ պետութիւնը նոյնիսկ վաւերագրական ֆիլմէ մը վախցած ու սարսափի մատնուած է։ Մենք կը պահանջենք որ, ԱՐՄԵՆԱԿ վաւերագրականին արգիլումը անմիջապէս վերացուի։ Ուստի կը խնդրենք ձեր ստորագրութիւնն ու աջակցութիւնն ուղարկել՝ maycolectı[email protected]